2008-12-27 13:45:09

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն` 28 Դեկտկմբեր 2008


 Եօթներորդ Կիրակի Յիսնակաց

Տուր հաշիւը քեզի յանձնուած մնասներուն՚ (Ղուկաս 19, 11-28)

Ահա կը մօտենանք 2008 տարուոյ վերջաւորութեան եւ ինչպէս ամէն գործատէր կամ հաստատութեան տնօրէն, սովորութիւն ունի հաշուեկշիռ մը կատարելու իր ձեռնարկին մասին, ստուգելու համար թէ գործերը յառաջ կ՛երթան թէ կը նահանջեն, նոյնպէս ալ` ամէն անձ պէտք է կատարէ իր ընդհանուր խղճի քննութիւնը, որպէսզի կարենայ անդրադառնալ թէ իր հոգեւոր զարգացման մէջ ինչ կէտի հասած է։

Քրիստոս իր այսօրուայ աւետարանին մէջ մեզի կը պատմէ առակ մը, որ շատ յարմարօրէն կը ներկայացնէ հաշուետուութեան այս գործողութիւնը. մնասներու առակն է այդ, ուր կը հանդիպինք տիրոջ մը որ կը ճամբորդէ օտար երկիր եւ իր ծառաներուն կը բաժնէ զանազան գումարներ որպէսզի զանոնք շահագործեն։ Վերադարձին` հաշիւ կը պահանջէ անոնցմէ։

Ընդհանրապէս երբ մեր մամիկները առասպելներ կը պատմեն մեզի, միշտ երեք թեկնածուներ կ՛ըլլան, կամ թագաւորի 3 զաւակներ, որոնցմէ մէկը միայն պէտք է ժառանգէ գահը, կամ 3 իշխաններ որոնցմէ մին պիտի յաջողի ամուսնանալ թագաւորի աղջկան հետ, եւայլն... եւ ընդհանրապէս միշտ երրրոդն է կամ ամենափոքր եղբայրը որ ամէնէն աւելի ճարպիկը կ՛ըլլայ, կամ աւելի իմաստունը, որը կը հասնի նպատակին, միւսները ձախողած ըլլալով իրենց առաքելութեան մէջ։

Մնասներու առակին մէջ սակայն` հակառակն է որ կը պատահի. Առաջինն է որ գնահատանքի կ՛արժանանայ. Իսկ վերջինը` որ կը կարծէր ամէնէն ճարպիկն ըլլալ, իր իսկ լարած թակարդին մէջ կ՛իյնայ եւ կը զրկուի նոյնիսկ ունեցածէն։

Եկէք քաղենք այն բարոյական դասը զոր Յիսուս կ՛ուզէ տալ մեզի այս առակով. Բոլոր այն բարեմասնութիւնները զոր ունի մեզմէ ամէն մէկը, որպէս անձնական տաղանդներ, մեզի կու գան Աստուծմէ, որ մեզ ստեղծած է եւ օժտած զանազան ձիրքերով. Անոնք կրնան ըլլալ բնական տաղանդներ կամ հոգեւոր շնորհքներ, զորս չենք կարող անտեսել կամ պահել. Անոնք մեզի տրուած են յատկապէս որպէսզի օգտակար դառնանք մեր շուրջիններուն եւ այսպէսով սատարենք Աստուծոյ ծրագրին իրագործման երկրի վրայ։

Կրնայ սակայն պատահիլ որ պարագաներու բերմամբ, կամ կարգ մը անձերու նախանձէն յառաջացած` մեզի արգելք կը հանդիսացուի մեր տաղանդներու իրագործման գործին մէջ, եւ մեզի թոյլ չի տրուիր կատարելու այն ինչ որ պիտի կարենայինք շատ յաջող կերպով իրականացնել, մեր ձիրքերու օգտագործումով. Սակայն համբերութիւն, մեր օրը պիտի հասնի, կարելի չէ լոյսը միշտ պահել սեղանին տակ, օր մը ան պիտի ժայթքի եւ լուսաւորէ ամբողջ շրջապատը. Այսպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեր տաղանդներուն համար։

Աստուած մեզ պարապի չէ ստեղծած. Մեր կեանքը իմաստ մը ունի, ան պիտի ծառայէ գաղափարականի մը իրագործման. Մեզի կ՛իյնայ փնտռել այդ իտէալը եւ հասնիլ այդ եզրակացութեան, որով պիտի գիտնանք թէ ինչ է Աստուծոյ կամքի մեր անձին մասին. Ի՞նչ կ՛ուզէ Տէրը մեզմէ, այլապէս, ինչու՞ տուած է մեզի այս տաղանդները եւ դրած է մեզմէ ամէն մէկուն մէջ այսքան բազմազան ձիրքեր։

Սիրելի հաւատացեալ, քրիստոնեային պարտքն է տարուէ տարի իր ձիրքերն ու տաղանդները արտայայտել եւ իրականացնել, քննելով ինքզինք եւ ջանալով սրբագրել իր սխալները, որպէսզի յառաջանայ Աստուծոյ կամքի եւ ծրագրի կատարումին մէջ, տալով միշտ մաքուր եւ դրական հաշիւը իր գործերուն. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.